Դատախազ Նորպէրթօ Օժարպիտէ յայտարարեց թէ «Թուրքիան ցեղասպանութեան ոճիր գործած է» հայ ազգին դէմ՝ 1915-1923 թուականներուն

ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ («ԱՐՄԵՆԻԱ»).- Անցեալ Ապրիլ 1ի կէսօրուայ ժամերուն, դատախազ Նորպերթօ Օժարպիտէ յայտարարեց աննախադէպ վճիռ մը, որու շնորհիւ կը հաստատուի, թէ թուրք կառավարութիւնը ցեղասպանութեան ոճիռ գործադրած է հայ ազգին դէմ 1915-1923 թուականներուն միջեւ։ Վճիռի ընթերցման արարողութեան ներկայ եղան նշեալ դատի դիմող անձերն ու կազմակերպութիւնները։


Norberto-Oyarbide-et-access
Որպէս Արժանթինի ֆետէրալ դատախազ, տոքթ. Օժարպիտէի կողքին էին դատարանի պաշտօնեաներ՝ տոքթ. Լուիս Կակլիարտի եւ տոքթ. Կարսիա Տավինի։

Մօտ հարիւր էջնոց այս կարեւոր փաստաթուղթին մէջ մանրամասնօրէն ներկայացուեցան պահանջքի հիմնաւորումները, տարուած լայնածաւալ աշխատանքը եւ փաստերու ներկայացումը, որ համբերութեամբ աւելի քան տասը տարիներու ընթացքին նախաձեռնեց Լուիսա Հայրապետեան Հիմնարկը, համայնքի տարբեր կազմակերպութեանց աջակցութեամբ։

Դատի դիմող՝ նոտար Կրէկորիօ Հայրապետեանի ընկերակցեցան իր ընտանիքը, Լուիսա Հայրապետեան Հիմնարկութեան փաստաբանները, տեղական լրատուական տարբեր միջոցներու լրագրողներ, Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հայկական մամուլի թղթակիցներ։

Աւելի քան 120 ամիսներու ընթացքին, դատախազները առիթ ունեցան սարսափելի վկայութիւններու մասին իմանալու, այս նիւթի վերաբերեալ լայն գրականութեան մը ծանօթանալու, ու միջազգային ընդունման, Թուրքիոյ կողմէ ճանաչման ու վնասներու հատուցման ի նպաստ տեղի ունեցած համայնքներու շարունակ գործունէութիւնը ճանչնալու։

Վճիռը վերահաստատեց նշեալ դէպքերու իրականութիւնը, որուն պատմական ճշմարտութիւնը լայնօրէն փաստուած է այդ ժամանակուայ պետութեանց արխիւներուն մէջ։

Անկասկած, այս վճիռի որպէս հետեւանք, Մարդկային Իրաւունքներու ծիրին մէջ իրաւական նոր դաշտ մը կը բացուի։


Norberto-Oyarbide1_maxi
Վճիռի հիմնաւորումին մէջ, դատախազ Օժարպիտէ ներառեց 2007 թուականի Արժանթինի Թիւ 26.199 Օրէնքի լրիւ թեքսթը, որ Ապրիլ 24ը կը յայտարարէ «Հանդուրժողականութեան եւ Ժողովուրդներու միջեւ Յարգանքի Օր», ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան։ Հարկ է նշել թէ սոյն օրէնքը արդիւնք եղաւ Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի երկար տարիներու շարունակ աշխատանքին։

Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ու հայ ազգի դէմ գործադրած ցեղասպանութեան նկատմամբ Թուրքիոյ անխուսափելի ճանաչման նախօրեակին, այս պատմական վճիռով՝ յիշողութեան, ճշմարտութեան եւ արդարութեան հայկական պահանջքները նոր հանգրուանի մը մտան։